Միջազգային հակախթանիչ դեղերու կազմակերպութեան (ՈՒԱՏԱ) կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու Հիուսթըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած 2015-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան ընթացքին խախտումներ արձանագրուեցան:
Անոր կողմէ կատարուած` խթանիչ դեղերու գործածութեան քննութեան արդիւնքներուն համաձայն, 24 ծանրաբարձներուն արդիւնքները տուին դրական պատախան:
Անոնց կարգին եղաւ 2015-ի 77 քկ դասակարգին մէջ փոխախոյեան հանդիսացած Քիմ Քվանկ Սոնկ (Հարաւային Քորէա), որուն որակազրկման պատճառով Անդրանիկ Կարապետեան արժանացաւ պրոնզ մետալին, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: