
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 1-16-րդ հանգրուանի վերջին երկու ճակատումները:
Առաջին մրցումը, որ եղաւ գագաթի ճակատում մը, իրարու դէմ հանեց Իտալիան եւ Սպանիան: Մրցումը աւարտեցաւ իտալացիներուն յաղթանակով, որոնք 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին տիտղոսակիր Սպանիան:
Նախորդ ախոյեանութեան փոխախոյեանը` Իտալիա, 33-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, շնորհիւ Ճիորճիօ Քիելինիի նշանակած կոլին:
Մրցումին 91-րդ վայրկեանին Իտալիա նշանակեց այլ կոլ մըն ալ շնորհիւ Կրացիանօ Փելէի:
«Սթատ տը Ֆրանս»-ի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր 76 հազար հանդիսատես:

Սպանիոյ օրինակին հետեւեցաւ եւ մրցաշարքէն դուրս մնաց Անգլիա, որ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Իսլանտայէն:
Թէեւ Ուէյն Ռունի 4-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` փենալթիով, սակայն 2 վայրկեան ետք Ռակնար Սիկուրտսըն հաւասարեցուց արդիւնքը:
19-րդ վայրկեանին Քոլպէյն Սիկթորսըն նշանակեց այլ կոլ մըն ալ` ի նպաստ Իսլանտայի:
Մինչեւ մրցումին աւարտը, որեւէ այլ կոլ չնշանակուեցաւ եւ Իսլանտա ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Նիսի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ էր շուրջ 34 հազար հանդիսատես, մինչ օրուան իրաւարարն էր Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա):
Այսօր եւ վաղը հանգիստի օրեր են:
Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի կ՛ունենան հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 30 ՅՈՒՆԻՍ | ԺԱՄ |
Լեհաստան – Փորթուգալ | 22:00 |
ՈՒՐԲԱԹ, 1 ՅՈՒԼԻՍ | |
Կալես – Պելճիքա | 22:00 |
ՇԱԲԱԹ, 2 ՅՈՒԼԻՍ | |
Գերմանիա – Իտալիա | 22:00 |
ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՅՈՒԼԻՍ | |
Ֆրանսա – Իսլանտա | 22:00 |