Իր կազմին` Արժանթինի կրած պարտութենէն ետք, Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի յայտնեց, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը եւ կը հեռանայ ազգային խումբէն:
«Ի. Էս. Փի. Էն.- Արճենթինա» յայտնեց, որ Մեսսիի հետեւեցան նաեւ Խաւիէ Մասքերանօ եւ Սերճիօ Ակուերօ, մինչ Անխել Տի Մարիա, Կոնզալօ Հիկուային եւ ուրիշներ իրենց կարգին կը մտադրեն վերջ մը դնել իրենց միջազգային ելոյթներուն:
«Քոփա Ամերիքա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին Չիլիի արձանագրած յաղթանակէն եւ տիտղոսին տիրանալէն ետք, Արժանթինի ֆութպոլի համակիրները ամէն գնով պահանջեցին, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ ստանձնէ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչի պաշտօնը: