Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան պատրաստուող Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին Միքա մարզահամալիրին մէջ բարեկամական մրցում մը կատարեց Իրանի երիտասարդական հաւաքականին դէմ:
Հայրենի կազմը բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին դէմ:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեան այս մրցումին դաշտ ներկայացուց իր բոլոր մարզիկները, որոնք նկատի առնուած էին Հայաստանի կազմին մէջ:
Հայաստանի հաւաքականի ամէնէն անուանի մարզիկը` Պրայընթ Տանսթըն, շատ քիչ ժամանակով մասնակցեցաւ մրցումին` նկատի ունենալով, որ մարզիչները որոշած էին շատ չծանրաբեռնել զայն: