Նախորդ շաբաթավերջին, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի վեց ճակատումներ եւ բնականաբար անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ, վեց խումբեր հրաժեշտ տուին ախոյեանութեան եւ վերադարձան իրենց երկիրները:
Լեհաստան դուրս ձգեց Զուիցերիան, երբ փենալթիներով` 5-4 արդիւնքով յաղթեց: 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով:
Այս մրցումին ներկայ էր շուրջ 39 հազար հանդիսատես:
Քառորդ աւարտականին Լեհաստան իր դէմ պիտի ունենայ Փորթուգալը, որ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Խրուաթիոյ: Վերջինս թէեւ պարտութիւն մը կրեց, սակայն յաջողեցաւ սքանչելի ներկայացում մը կատարել:

Փորթուգալ իր կոլը նշանակեց երկարաձգումէն ետք, երբ Ռիքարտօ Քուարեսմա 117-րդ վայրկեանին յաղթանակը պարգեւեց իր կազմին:
Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 33 հազար հանդիսատես:
Իր կարգին, Կալես ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 1-0 արդիւնքով յաղթելով Հիւսիսային Իրլանտայի: Մրցումին 75-րդ վայրկեանին Հիւսիսային Իրլանտայի մարզիկներէն Կերըթ Մաքաուլի գնդակը սխալմամբ զետեղեց իր բերդին մէջ:
Մրցումին ներկայ էր աւելի քան 44 հազար հանդիսատես:
Քառորդ աւարտականին Կալես պիտի մրցի Պելճիքայի դէմ, որ երէկ գիշեր յաղթեց Հունգարիոյ (4-0):
Հիւրընկալ երկիրը` Ֆրանսա, երէկ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իրլանտան, որ 56 հազար հանդիսատեսները երէկ բերաւ անակնկալի, երբ Ռոպըրթ Պրէյտի 2-րդ վայրկեանին փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը:

Սակայն 58-րդ եւ 61-րդ վայրկեաններուն, Անթուան Կրիեզման նշանակեց երկու կոլ, իր կազմին պարգեւելով յաղթանակը եւ քառորդ աւարտականի տոմսը:
66-րդ վայրկեանին Իրլանտայէն Շէյն Տաֆի կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Օրուան իրաւարարն էր իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի:
Քառորդ աւարտականին Ֆրանսա իր դէմ պիտի ունենայ Անգլիա – Իսլանտա մրցումին յաղթականը

Վերջապէս, երէկ քառորդ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց նաեւ Գերմանիա, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սլովաքիոյ: Ժըրոմ Պոաթենկ (8-րդ), Մարիօ Կոմեզ (43-րդ) եւ Ժուլիան Տրեքսլըր (63-րդ) նշանակեցին Գերմանիոյ 3 կոլերը, մինչ անոնց խմբակից Մեսութ Էօզիլ 13-րդ վայրկեանին, փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
Քառորդ աւարտականին Գերմանիա իր դէմ պիտի ունենայ Իտալիա – Սպանիա մրցումին յաղթականը:
Մրցումին ներկայ էր 44 հազար հանդիսատես, մինչ օրուան իրաւարարն էր Սզիմոն Մարքինիաք (Լեհաստան):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԺԱՄ | |
Իտալիա – Սպանիա | 19:00 |
Անգլիա – Իսլանտա | 22:00 |