Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին (ընդամէնը` 5 մրցում), Մէյրուպա 66-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ահիա Ռիատան (Զուք):
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք):
Մէյրուպայէն 31 կէտ նշանակեց խմբապետ Ժոզեֆ Մանսուր:
Նշենք, որ բոլոր մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան վերոնշեալ մարզահամալիրին մէջ: