Նախապէս աշխարհի աղջկանց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած թենիսվումըն Վիքթորիա Ազարենքա վնասուածքի պատճառով պիտի բացակայի Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքէն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Տապլիու Թի. Էյ.»:
Ան 2006-էն ի վեր միշտ ալ ներկայ եղած էր Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած այս կարեւոր մրցաշարքին:
Նշենք, որ Ազարենքա «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին վիրաւորուած էր, երբ իր մրցումը կիսատ ձգած էր: