Նախապատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, Գանձասար – Կապան ոչ միայն կը համալրուի նոր ֆութպոլիստներով, այլ նաեւ մարզիչով:
Աշոտ Բարսեղեանի մարզիչներու կազմին մէջ ընդգրկուեցաւ Արմէն Սանամեան, որ պիտի կատարէ գլխաւոր մարզիչի օգնականի պարտականութիւնները:
Նշենք, որ լիբանանեան Նըժմէ ակումբէն հայրենիք վերադարձած Սանամեանի վերջին ակումբը եղած էր Ալաշկերտ-2-ը, ուրկէ պաշտօնանկ եղած էր: