Անգլիական մամուլին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտ համաձայն գտնուած է 40 միլիոն եւրօ վճարել Պորուսիա Տորթմունտին` ձեռք ձգելու համար անոր միջնապահը` Հենրիխ Մխիթարեանը:
Կը նշուի, որ այս շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահը Մանչեսթըրի մէջ բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի:
Նախապէս Եունայթըտ առաջարկած էր 36 միլիոն եւրօ, ինչ որ սակայն մերժուած էր:
Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը գերմանական ակումբին հետ կ՛աւարտի 2017-ին: