Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 58-53 արդիւնքով պարտուեցաւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլէն:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, ժամը 20:30-ին, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ:
Նշենք, որ կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, Անուար 51-47 արդիւնքով յաղթեց Այնթուրային: