10 սեպտեմբերին Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ աննախընթաց ֆութպոլի մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին լիբանանեան աստղերէ կազմուած խումբ մը եւ աշխարհի անցեալի լաւագոյն ֆութպոլիստներու կազմ մը:
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին խմբապետ Ռիտա Անթար այս կարեւոր մրցումին համար, նկատի առաւ շարք մը այլ ֆութպոլիստներ եւս` այսպիսով գրեթէ ամբողջացնելով իր կազմը:
Անոր կազմին մէջ են Ժամալ Հաժ, Ֆուատ Հիժազի, Էմիլ Ռըսթոմ, Վարդան Ղազարեան, Փոլ Ռըսթոմ, Մալեք Հասսուն եւ ուրիշներ:
Այս մրցումը կազմակերպուած է «Արապիքա Սփոր» ընկերութեան կողմէ: