
Քաթալոնիական Պարսելոնայի վերջին նորեկ ֆութպոլիստը եղաւ Օլիմփիք Լիոնի կեդրոնի յետսապահ Սամուէլ Ումթիթի:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին 22 տարեկան ֆութպոլիստը, 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց փոխան 25 միլիոն եւրոյի:
Ըստ կնքուած պայմանագիրին, անոր հրաժարագինը կը կազմէ 60 միլիոն եւրօ: Ան բժշկական քննութիւններու պիտի ենթարկուի յառաջիկայ 15 յուլիսին:
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտած Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան Ֆրանսայի կատարած վերջին երեք մրցումներուն ան դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ:


