Երկար տարիներ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Սան Անթոնիօ Սփըրզի մաս կազմած Թիմ Տանքըն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ պասքեթպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Այս լուրը կը հաղորդէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պաշտօնական կայքը:
19 տարի հանդէս գալով միայն Սփըրզի հետ, ան իր խումբին հետ 5 անգամ հանդիսացած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան:
Նախապէս հաղորդուեցաւ, որ Տանքըն կրնայ օգտուիլ իր պայմանագրութեան կէտերէն եւ տարեշրջան մը եւս երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը, բայց 40 տարեկան մարզիկը որոշեց վերջ մը դնել իր ասպարէզին:
Հոս տեղին է նշել, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մասնակցեցաւ 1392 մրցումի, միջին հաշիւով նշանակելով 19,0 կէտ, ձեռք ձգելով 10,8 ռիպաունտ, կատարելով 3 էսիսթ եւ 2,2 պլոք-շաթ: