
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կապ հաստատած է Սանտըրլենտի հետ` ձեռք ձգելու համար անոր մարզիչը` Սեմ Էլըրտայսը, որպէսզի ան նշանակուի երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին նոր մարզիչը:
Սանտըրլենտ թէեւ իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն փոխանցեց այս լուրը, սակայն միեւնոյն ժամանակ ալ ըսաւ, որ խումբին եւ մարզիչին փոխյարաբերութիւնները կը գտնուին իրենց գագաթնակէտին վրայ, հետեւաբար ակումբը կ՛ուզէ, որ ան մնայ խումբին մարզիչը:


