Պարսելոնա իր կազմին միացուց ֆրանսացի միջազգային յետսապահ Լուքաս Տինյը, որ իր ակումբը` Փարիզ Սեն Ժերմենը լքելով, 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սպանիոյ ախոյեանին հետ, փոխան 16.5 միլիոն եւրոյի:
Նշենք, որ 22 տարեկան ձախ յետսապահը, նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Ա. Էս. Ռոմայի:
Ան 13 անգամ կրած է Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը: