«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Տինամօ Թիֆլիսէն, վերադարձաւ Հայաստան:
Հիւրընկալ խումբը 55-րդ վայրկեանին նշանակեց իր առաջին կոլը շնորհիւ Օթար Քիթեյիշվիլի, որ դաշտ ներկայացած էր 53-րդ վայրկեանին:
Կարճ ատեն մը ետք, Տինամօ նշանակեց իր երկրորդ կոլը, շնորհիւ Կէորկի Քվիթայիյայի` փենալթիով:
75-րդ վայրկեանին, Արտակ Գրիգորեանի հարուածը դպաւ մրցակիցին բերդին սիւնին:
Պէտք է նշել, որ Ալաշկերտի բերդապահ Գէորգ Գասպարով երեք ստոյգ առիթներ զսպեց (վերջին երկուքը` աւարտէն տասը վայրկեան առաջ), այլապէս կացութիւնը կրնայ շատ աւելի վատ ըլլալ:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ ճիշդ շաբաթ մը ետք, Երեւանի մէջ: