
«ՖԻՖԱ»-ն երէկ հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն առաջին հինգ դիրքերուն վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, նախորդ ամսուան դասաւորման հետ բաղդատելով, 8 դիրքի ոստում մը արձանագրած է եւ այժմ կը գրաւէ 102-րդ դիրքը:
Նշենք, որ 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբակին մէջ եղող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը.
Լեհաստան` 16-րդ, Ռումանիա` 24-րդ, Դանիա` 44-րդ, Սկովտիա` 95-րդ եւ Ղազախստան` 97-րդ:
Առաջին հինգ դիրքերը, յաջորդաբար կը գրաւեն հետեւեալ խումբերը. Արժանթին, Պելճիքա, Քոլոմպիա, Գերմանիա եւ Չիլի:
Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացած Ֆրանսա, 10-րդ դիրքէն բարձրացաւ 7-րդ դիրք, մինչ մրցաշարքին անակնկալը եղող խումբերէն մէկը` Իսլանտա, 12 դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 22-րդ դիրք:


