Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթ, իր խումբը` Պորուսիա Տորթմունտը լքելով միացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին, երէկ կատարեց առաջին փորձը` իր նոր խմբակիցներուն հետ:
Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը, յառաջիկայ 16 յուլիսին, պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ ֆութպոլի բարեկամական հանդիպումի մը ընթացքին մրցի Ուիկընի դէմ:
Կը սպասուի, որ այս հանդիպումին մասնակցի նաեւ Մխիթարեան: