Լոնտոնեան Արսենալի կրտսերներու խումբերուն համակարգող Թիերի Հանրի խումբին 18 տարեկանէն վար կազմին գլխաւոր մարզիչը ըլլալու հաւանականութիւն ունէր, սակայն լիովին այս մէկուն դէմ կանգնեցաւ Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Արսէն Վենկեր: Այս մասին կը գրէ «Տը Թելեկրաֆ»-ը:
Վենկեր յայտնեց, որ Հանրի չի կրնար միեւնոյն ժամանակ երկու տարբեր պաշտօններ կատարել:
Նշենք, որ 38 տարեկան Հանրի «Սքայ սփորթզ» պատկերասփիւռին կ՛աշխատակցի որպէս ուղղակի սփռուող մրցումներու մեկնաբան:
Հանրի անգլիական վերոնշեալ պատկերասփիւռի ընկերութեան մէջ ամէնէն աւելի շատ վարձատրուողն է: Անոր տարեկան աշխատավարձքը կը կազմէ 5 միլիոն եւրօ: