«Ֆորպզ» անուանի պարբերաթերթը հրապարակեց աշխարհի ամէնէն աւելի շատ վարձատրուող մարզիկներուն ցանկը:
Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, իսկ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի` 8-րդ:
Նախորդ տարեշրջանին աւարտին Ռոնալտօ շահեցաւ 88 միլիոն եւրօ, մինչ Մեսսի` 81,5 միլիոն եւրօ:
11-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի պասքեթպոլիստ Լեպրըն Ճէյմս, որուն կը յաջորդեն թենիսմէններ` Ռոժէ Ֆետերեր եւ Նովաք Ճոքովիչ:
Քեւին Տիւրընթ (պասքեթպոլ) կը գրաւէ 26-րդ դիրքը, Քոպի Պրայընթ (պասքեթպոլ)` 43-րդ դիրքը (50 միլիոն եւրօ), իսկ Ֆորմիւլա-1-ի աստղ Լուիս Հեմիլթըն` 49-րդ դիրքը: