Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան երէկ ընդունեց 2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող մարզիկներն ու անոնց մարզիչները:
Ողիմպիական աւանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ծառուկեան ըսաւ. «Իւրաքանչիւր պետութիւն ջանք կը թափէ, որ իր մարզիկները մետալներու տիրանան եւ անոր զուգահեռ իրենց պետութեան դրօշակը բարձր պահեն:
«Ամէն ինչ բարձր մակարդակով կատարուեցաւ, կը մնայ յաղթանակ արձանագրելը:
«Ոսկի մետալի սպասումով յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորիդ»:
Նշենք, որ հայկական պատուիրակութիւնը Պրազիլ կը մեկնի երկուշաբթի, 25 յուլիսին: