Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անտրէ Կոմեշ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ աշխարհի ամէնէն անուանի եւ հարուստ ակումբներէն Պարսելոնայի հետ:
Ան 2014-ին Պենֆիքայէն փոխ տրուած էր Վալենսիայի, որմէ ճիշդ տարի մը ետք սպանական ակումբը ձեռք ձգած էր անոր ստորագրութիւնը:
Քաթալոնական ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ յառաջիկայ շաբաթ ան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ եւ պաշտօնապէս ներկայացուի հանրութեան:
Անոր փոխանցման մասին պաշտօնապէս ոչինչ կ՛ըսուի, բայց կը կարծուի, որ Պարսելոնա անոր ակումբին վճարած է 50 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ նախքան այս լուրին հրապարակումը, սպանական մամուլը յայտնեց, որ ան շատ հաւանաբար միանայ Ռէալ Մատրիտին: