Նախորդ ամսուան կիսուն Փիւնիկ Երեւանի հետ իր պայմանագրութիւնը խզած 22 տարեկան միջնապահ Կարէն Յարութիւնեան տեղափոխուեցաւ Մալեզիա:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Goal.com կայքը, երիտասարդ ֆութպոլիստը իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Թերենքանու խումբին հետ` փոխարինելով Կուսթաւօ Լոփեսը, որ ծանր վնասուածք ստացած է:
Նշենք, որ Մալեզիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին Թերենքանու գրաւեց 4-րդ դիրքը: