Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Սեմ Էլըրտայս նշանակուեցաւ Անգլիոյ նոր մարզիչ` լքելով իր ակումբը` Սանտըրլենտը:
Նշենք, որ անոր ակումբը, ըստ անգլիական մամուլին, պիտի ստանայ 3 միլիոն եւրօ` իբրեւ փոխհատուցում:
61 տարեկան մարզիչը իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ 1 սեպտեմբերին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին: