Երէկ` ուրբաթ, 22 յուլիսին, Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի հաւաքականը 74-68 արդիւնքով յաղթեց Էսթոնիոյ, յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Այս յաղթանակը 5-րդն էր Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին պատմութեան մէջ:
Հայրենի կազմը Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը սկսաւ 2015-ին եւ ցարդ կատարած է 12 ճակատում:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականը ներկայիս Յունաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: