Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մեկնելէ առաջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արսէն Ջուլֆալակեան խօսեցաւ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն, ընելիքներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին:
ArmSport.am իր հրապարակած լուրին մէջ կը մէջբերէ Ջուլֆալակեանի հետեւեալ խօսքերը. «4 տարի առաջ, Լոնտոնի ողիմպիականէն անմիջապէս ետք, սկսանք նախապատրաստուիլ 2016-ի ողիմպիականին: Նախապատրաստական ընթացքը լաւ անցաւ:
«Ողիմպիականի արծաթ մետալ ունիմ: Այժմ ոսկի մետալին մասին կը մտածեմ: Անիմաստ է նոյն տեղը մնալ կամ նահանջ արձանագրել:
«Բոլորն ալ տեղեակ են, որ վերջին չորս տարիներուն Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն մեծ աջակցութիւն ցոյց տուաւ մեզի:
«Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլը իւրաքանչիւր մարզիկի համար երազի իրականացում է: Պէտք չէ մոռնալ, որ բաւական դժուարին ճամբայ կը կտրեն մարզիկները: Բայց եւ այնպէս շատ ուրախ ենք, որ բոլորին ուշադրութեան առարկայ ենք»: