Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Խուլեն Լոփեթեկուի:
49 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը, որ վերջին շրջանին կ՛աշխատէր Փորթոյի հետ, այսպիսով փոխարինեց Վիչենթէ Տել Պոսքէն, որ Եուրօ-2016-ի մրցաշարքէն ետք որոշեց լքել իր պաշտօնը, մանաւանդ որ անոր կազմը Ֆրանսայի մէջ այդքան ալ չկրցաւ տպաւորիչ խաղարկութիւն ցուցաբերել: