Օքլահոմա քաղաքին խանութներէն մէկը սկսած է Քեւին Տիւրընթի մարզաշապիկները ծախել 48 սենթով, կը յայտնէ ESPN.com:
Այդ մարզաշապիկներուն սովորական գինը 70 ամերիկեան տոլար է:
Այս ամրան 27 տարեկան ամերիկացին 9 տարի Օքլահոմա Սիթիին մաս կազմելէ ետք միացաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի:
Իր նոր ակումբին հետ Տիւրընթ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 54,3 միլիոն ամերիկեան տոլարի: