Պորուսիա Տորթմունտ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ միջնապահ Մարիօ Կէօթցէ` լքելով Պայէրն Միւնիխը, վերադարձաւ իր նախկին կազմին, ուրկէ հեռացած էր 2013-ին:
Թէեւ անոր փոխանցման մասին ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ կը յայտարարուի, սակայն բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք ան մինչեւ 2020 թուականը պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ:
Ըստ գերմանական մամուլին, անոր փոխանցումը կը գնահատուի 26 միլիոն եւրոյով:
Նշենք, որ 2013-ին անոր փոխանցման համար Պայէրն Միւնիխ Տորթմունտին վճարեց 37 միլիոն եւրօ:
Նախորդ տարեշրջանին Կէօթցէ 14 անգամ տեսնուեցաւ «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն: