Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան Բ. դասակարգին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը երէկ աւարտեց իր ելոյթները:
Իր կատարած վերջին մրցումին, հայկական խումբը 65-61 արդիւնքով յաղթեց Պուլկարիոյ:
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սթիւըն Էնոչ` 23 կէտ եւ 16 ռիպաունտ:
Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականը կատարեց 6 մրցում եւ արձանագրելով 3 յաղթանակ գրաւեց 17-րդ դիրքը, երէկ յայտնեց ArmSport.am: