Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող Հարտըլզ Տայըմընտ լիկ-2016-ի 100 մեթր վազքի արգելարշաւի մրցումներուն, ամերիկացի Քենտրա Հերիսըն աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 12″ 20 արդիւնք մը:
Երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին անոր ազգակիցները` Պրիանա Ռոլինս (12″ 57) եւ Քրիսթի Քասթլին (12″ 59):
Նշենք, որ նախկին մրցանիշը հաստատուած էր 20 օգոստոս 1988-ին, երբ պուլկարացի Եորտանա Տոնքովա արձանագրած էր 12″ 21 արդիւնք մը:
Թէեւ Հերիսըն աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց, սակայն ան չկրցաւ Ռիօ-2016-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն տոմս մը ապահովել` նկատի ունենալով, որ ան Միացեալ Նահանգներու ախոյեանութեան գրաւեց 6-րդ դիրքը: