Լոզանի մարզական վճռաբեկ դատարանը մերժեց Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին եւ 68 ռուս աթլեթներուն դիմումը` ընդդէմ Աթլեթիզմի միջազգային ֆետերասիոնին (“IAAF”):
Ռուսական կողմը 30 օրուան ընթացքին կրնայ բողոքել դատարանին այդ որոշումին դէմ, բայց միայն լսումներու ընթացքին եղած խախտումներուն իմաստով:
Այժմ վերջին խօսքը Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին է, որուն Հակախթանիչ դեղերու գործածութեան միջազգային գործակալութիւնը յորդորած է ողիմպիական խաղերէն հեռացնել Ռուսիոյ ամբողջ հաւաքականը: