Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քրիս Փոլ Վերադարձաւ Քլիփըրզ

July 23, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

40 տարեկան Քրիս Փոլ վերադարձաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ մէկ տարուան համար. ան պիտի ստանայ 3,6 միլիոն ամ. տոլար:

Փոլ նախապէս Քլիփըրզի մարզիկ էր 2011-էն 2017, ուր խումբը ամէն տարի առաջնորդած էր փլէյ օֆի մրցումներու:

«Քրիս Քլիփըրզի պատմութեան ամէնէն ազդեցիկ մարզիկներէն մէկն է եւ շատ յարմար է իր վերադարձը ասպարէզի վերջին օրերուն»: Քրիս վստահաբար պիտի օգնէ զօրացնելու պաշտպանողականը իր բացառիկ ուղղութիւններով, գնդակի տիրապետութեան, ինչպէս նաեւ նշանակելու կարողութիւններով», ըսաւ խումբին մարզական տնօրէն Լորընս Ֆրենք:

Փոլ, որ 12 անգամ «Օլ-Սթար» մրցումի մասնակցած է, ազատ մարզիկի կարգավիճակ ունէր Սան Անթոնիօ Սփըրզի ամբողջ 82 մրցումներուն խաղալէ ետք անցեալ տարեշրջանին, բան մը, որ մրցանիշ մըն է: «Էն. Պի. Էյ.»-ի ոչ մէկ մարզիկ իր 20-րդ եղանակին (կամ աւելի ուշ) ամբողջ մրցումները կատարած է: Ան միջին հաշուով 8,8 կէտ եւ 7,4 էսիսթ կատարած է` նշանակելով 43 տոկոս յաջողութեամբ:

Փոլ յայտնած էր, թէ կ՛ուզէր յաջորդ եղանակին մօտ ըլլալ ընտանիքին, որ կը բնակի Լոս Անճելըս: Ան միացաւ խումբի մը, որ ունի նոր միացած վեթերաններ Պրատլի Պիլ, Ճոն Քոլինզ եւ Պրուք Լոփես, ինչպէս նաեւ Քուայ Լենըրտ, Ճէյմս Հարտըն եւ Պոկտան Պոկտանովիչ:

Ան 6 եղանակ փայլած էր Քլիփըրզի հետ «Լոպ սիթի»-ի ժամանակաշրջանին Պլէյք Կրեֆինի եւ Տէանտրէ Ճորտընի հետ: Ան 2012-էն 2017 «Օլ-Սթար»-ի մրցումներուն մասնակցած էր, եւ անոր 4.023 էսիսթները Քլիփըրզի շապիկով առաւելագոյնն են: Ան միջին հաշուով 18,8 կէտ, 9,8 էսիսթ, 4,2 ռիպաունտ եւ 2,2 սթիլ կատարած էր 409 մրցումներու ընթացքին:

Փոլ, որ պատմութեան 2-րդ առաւելագոյն էսիսթի սթիլ կատարած մարզիկն է, խաղցած է նաեւ Ռոքեթցի, Թանտըրի, Սանզի, Ուորիըրզի եւ Սփըրզի հետ իր վերջին 8 տարիներուն:

Փոլ 2017-ին լքած էր Քլիփըրզը` միանալով Ճէյմս Հարտընի Հիուսթըն Ռոքեթցին, որովհետեւ ան կը կարծէր, թէ պէտք է փոփոխութիւն կատարէ, եւ կը փափաքէր ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարիլ: Ան 2 տարի խաղալէ ետք Ռոքեթցի հետ, միացաւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին (1 տարեշրջան): Ապա 3 տարեշրջան Ֆինիքս Սանզի հետ խաղալէ ետք մէկ տարեշրջան բոլորեց վերջին` եղանակին միանալով Սան Անթոնիօ Սփըրզին, որ 13-րդ դիրքի վրայ աւարտեց տարեշրջանը:

Փոլի դիրքին վրայ բաւական «խճողուած» է, ուր ան պիտի միանայ Հարտըն, Պիլ Պոկտանովիչ եւ Քրիս Տանի:

Փոլ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած է: «Ան իբրեւ պահեստի փոյնթ կարտ պիտի ըլլայ եւ շատ մեծ պատրաստակամութիւն ունի ըլլալու որեւէ պաշտօնի վրայ, որ իրեն կը վերապահէ մարզիչ Թայրըն Լուն: Ան կ՛ուզէ մաս կազմել այս խմբակին, եւ մենք բախտաւոր ենք զինք անգամ մը եւս ունենալու», ըսաւ Ֆրանք:

Քլիփըրզ կ՛ուզէ հանգիստ ձգել Հարտընը, որ մօտ 2.800 վայրկեան խաղցաւ անցեալ եղանակին` 35 տարեկանին: Քլիփըրզ կը կարծէ, որ Փոլ կրնայ փոխարինել որեւէ մարզիկ` հեռու պահելու համար զայն վիրաւորուելէ, երկար տարեշրջանէ մը ետք, ուր 82 մրցումներէ ետք կան նաեւ փլէյ օֆի մրցումները:

Անցեալ տարեշրջանին Քլիփըրզ 5-րդ դիրքին վրայ աւարտեց բնական տարեշրջանը եւ փլէյ օֆի 7 մրցումներէ ետք տեղի տուաւ Տենվըր Նակեթցի առջեւ:

Նախորդը

Քննադատելը Հակապետական Արա՞րք Է

Յաջորդը

«Ֆինալիսիմա»-ն` Մարտին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.