Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի դասաւորման մրցումներուն, Եւրոպայի ախոյեան Վազգէն Թեւանեան (65 քկ) դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
Թեւանեան 9-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի փոխախոյեան Խամզաթ Արասմերզույեւը:
70 քկ կշիռի ոսկի մետալի մրցումին, Եւրոպայի ախոյեան Արման Անդրէասեան դարձաւ փոխախոյեան` 8-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք ճափոնցի Եոշինասուքէ Աոյագիէն: