Թատէյ Փոկաչար անխնայ յարձակումով սկսաւ Հոթաքամի զառիվարներուն վրայ եւ կրցաւ «ջախջախիչ» յաղթանակ մը արձանագրել «Թուր տը Ֆրանս»-ի 12-րդ հանգրուանին` շնչասպառ ձգելով իր թիւ 1 մրցակից Եոնաս Վինկըկաարտը:
Աշխարհի ախոյեան Փոկաչար 13,5 քմ մագլցումին «անխիղճ» ձեւով վարեց իր հեծիկը` իր ետին ձգելով երկու անգամ «Թուր տը Ֆրանս»-ի տիտղոսակիր Վինկըկաարտը, որ 2 վայրկեան եւ 10 երկվայրկեան ուշ մնաց առաջին դժուար լեռնային հանգրուանին:
Այս հանգրուանը ձեւով մը «անուշ վրէժ» մըն էր Փոկաչարի համար, որ երեք տարի առաջ նոյն ձեւով կորսնցուցած էր Վինկըկաարտի դէմ, ուր դանիացի վարորդը կ՛ուղղուէր շահելու իր առաջին տիտղոսը:
Գերմանացի Ֆլորիան Լիփովից երրորդ դիրքը գրաւեց 180,6 քմ երկարող այս հանգրուանին` 13 երկվայրկեանով ետ մնալով Վինկըկաարտէն, որուն «Վիսմա-լիսէ պայք» խումբը ձախողեցաւ երեք տարի առաջուան նման Փոկաչարը ետ պահել գործողութենէն:
Հարթակ բարձրանալու թեկնածուներէն Ռեմքօ Էվենեփուլ շատ կանուխ ետ մնաց` լեռնային հանգրուաններու իր «տկար կէտ»-ը փաստելով:
Հակառակ անոր որ ան վերջին քիլոմեթրներուն պայքարեցաւ, անոր դէմքի արտայայտութիւններէն յստակ էր անոր վիճակը: Ողիմպիականի ախոյեանը այդ 4 վայրկեանէ աւելի ետ կը մնայ Փոկաչարէն, բայց մնալով 3-րդ դիրքին վրայ:
Սայմըն Եյթց եւ Մաթէօ Եորկընսոն, որոնք Վինկըկաարտի օգնականներէն են, իրենց կարգին չկրցան քայլ պահել Փոկաչարի հետ եւ օգնել Վինկըկաարտին:
Ֆրանսացի Պրիւնօ Արմիրէյ, որ վերջին պայքարողն էր առաւօտեան յարձակողներէն, հասաւ Հոթաքամի առաջին զառիվերի յատակը` 2 վայրկեանով իր ետին ձգելով թեկնածուներու խմբակը, բայց ատիկա բնաւ բաւարար չէր, եւ Փոկաչարի խմբակից Ժոնաթան Նարվայեսի յարձակումը բոլորին ետ քշեց բացի Վինկըկարտէն, որ սակայն բնաւ չհասաւ սլովենիացի վարորդի հեծիկի անիւին:
Աշխարհի ախոյեանը նոյնիսկ իր ականջին գործիքն ալ անջատեց, որ կեդրոնանայ Վինկըկաարտը հեռու պահելուն վրայ, մինչ դանիացի հեծելանւորդը տեսաւ, որ իր մրցակիցը կայծակնային արագութեամբ կ՛անհետանայ…
Դանիացի հեծելանւորդը մօտ 4 քիլոմեթր կրցաւ 20 երկվայրկեանով միայն ետ մնալ Փոկաչարէն, որ աւելի ուշ 2 վայրկեանով հեռացաւ, մինչ Վինկըկաարտ յուսախաբ վիճակ ունէր:
Այժմ Փոկաչար պիտի փորձէ 4-րդ հանգրուան մը շահիլ, ուր լեռնային ճամբու վրայ տեղի պիտի ունենայ ժամացոյցի դէմ մրցումը:
Ստորեւ ընդհանուր դասաւորումը` 12-րդ հանգրուանէն ետք.
1.- Թատէյ Փոկաչար 45 ժամ 22′ 51″
2.- Եոնաս Վինկըկաարտ 3′ 31″ ուշ
3.- Ռեմքօ Էվենեփուլ 4′ 45″ ուշ
4.- Ֆլորիան Լիփովից 5′ 34″ ուշ
5.- Քեւին Վոքըլեն 5′ 40″ ուշ
6.- Օսքար Օնլի 6′ 05″ ուշ
7.- Փրիմոշ Ռոկլիչ 7′ 30″ ուշ
8.- Թոպիաս Եոհանսըն 7′ 44″ ուշ
9.- Ֆելիքս Կալ 9′ 21″ ուշ
10.- Մաթէօ Եորկընսոն 12′ 12″ ուշ