Անցեալ մայիսին Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը շահելէ ետք, Կրասնոտար իր խմբապետին` Էտուարտ Սփերձեանի գլխաւորութեամբ կիրակի օր 2025-2026 տարեշրջանի բացման մրցումին 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Փարին:
Նիժնի Նովկորոտ շրջանի խումբը չկրցաւ զսպել Կրասնոտարը, որ Սփերձեանի փոխանցումին վրայ բացաւ մրցումին հաշիւը 40-րդ վայրկեանին` Տիեկօ Քոսթայի շնորհիւ:
65-րդ վայրկեանին Փարիի յետսապահ Վիքթոր Ալեքսանտրով սխալմամբ բերդին մէջ նշանակեց Կրասնոտարի 2-րդ կոլը, մինչ 3 վայրկեան ետք քոլոմպիացի յառաջապահ Ճոն Քորտոպայի փոխանցումէն ետք Սփերձեան նշանակեց Կրասնոտարի 3-րդ եւ մրցումի վերջին կոլը: