Լիբանանի Դ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի վիճակաձգութիւնները տեղի ունենալէ ետք, լեռնալիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մաս կազմեց Բ. խմբակին, եւ իր դէմ պիտի ունենայ հիւսիսային Լիբանանի շրջանի ախոյեան Ամալ Սալամ Զղարթան, փոխախոյեան Շեքքան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի փոխախոյեան Սանհարիպը, հարաւային Լիբանանի շրջանի փոխախոյեան Լիուա Լիուաա Սայտան եւ Լեռնալիբանանի Ռաուտա Տըքուանէն, որ 3-րդ դիրքը գրաւած էր:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առաջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Սանհարիպը, որ «Պի. Էֆ. Էյ.»-ի ակադեմիայի խումբն է եւ մեծամասնութեամբ 16-17 տարեկան երիտասարդներէ կը բաղկանայ:
Նոյնն է պարագան Աթլեթիքոյի, որ Պէյրութի շրջանի ախոյեանութիւնը շահած էր եւ մաս կը կազմէ առաջին խմբակին:
Առաջին խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Պեքայի ախոյեան Ղատ Աֆտալը, փոխախոյեան Նասեր Պար Էլիասը, հարաւային Լիբանանի ախոյեան Ֆիթիան Ատլունը եւ Նահտա Քաֆրան, որ 3-րդ դիրքը գրաւած էր հարաւային Լիբանանի մէջ, Լեռնալիբանանի փոխախոյեան Ռիատի Պարժան, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի շրջանի 3-րդ դիրքը գրաւող Աշպալ Մինան:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը նկատուի թիւ 1 թեկնածուն` գրաւելու Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, բայց ասիկա ոչ մէկ իմաստ ունի, այն առումով, որ 5 կարեւոր մրցումներ ունինք եւ պէտք է ամէն մրցում լաւ խաղանք` մրցակիցները միշտ լուրջի առնելով, կարեւոր չէ թէ անոնք տկար են կամ զօրաւոր:
Այս հանգրուան հասնող բոլոր խումբերն ալ պէտք է լաւ ըլլան, որ հոս հասած են, եւ միշտ կանուխ կոլը կ՛օգնէ աւելի հանգիստ եւ աւելի շատ կոլեր նշանակելու: Ուշադիր պէտք է ըլլանք անտեղի դեղին քարտեր ստանալէ եւ բնաւ պէտք չէ կորսնցնել կեդրոնացումը:
Մեր կարելին պէտք է տանք 90 վայրկեան, կրնայ ըլլալ 1-0 յաղթենք, կրնայ ըլլալ 5-0:
Ճիշդ է, որ նախկին 11 մրցումներուն 58 նշանակեցինք եւ միայն 2 կոլ ստացանք, բայց ինչպէս ըսինք` այս հանգրուանն է կարեւորը, իսկ անցեալը պէտք է մոռնալ: Շատ մրցումներ եղան, ուր լաւ չխաղցանք, բայց մեծ թիւով կոլեր նշանակեցինք, որովհետեւ ունինք մարզիկներ, որոնք անձնական կարողութիւններով օժտուած են: Այս հանգրուանին պէտք է բոլոը լաւ խաղան, որովհետեւ դիւրին մրցակից չկայ: