Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղջկանց Եուրօ 2025. Վաղը` Իտալիա – Անգլիա

Յուլիս 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղջկանց Եւրոպայի ախոյեանութիւնը շարունակուեցաւ շաբաթ օր եւ քառորդ աւարտականի վերջին մրցումին Գերմանիա անակնկալի բերաւ Ֆրանսան, երբ 10 մարզիկներով 107 վայրկեան պայքարեցաւ եւ փենալթիներով դուրս ձգեց զայն:

Քաթրին Հենտրիշ 13-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, երբ մրցակից յառաջապահին մազէն քաշած էր եւ փենալթի մը «նուիրեց» Ֆրանսային: Կրէյս Կէյտօ նշանակեց փենալթին:

25-րդ վայրկեանին Սյիոքէ Նուսքեն գլխու հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը քոռնըրէ մը ետք: 40-րդ եւ 57-րդ վայրկեաններուն Ֆրանսա կոլեր նշանակեց, բայց անոնք չվաւերացուեցան ՎԱՐ-ի կողմէ օֆսայտի պատճառով: 69-րդ վայրկեանին այս անգամ փենալթի ի նպաստ Գերմանիոյ բայց այս անգամ Նուսքենի հարուածը զսպեց ֆրանսացի բերդապահը:

Արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ փենալթիներու դիմուեցաւ:

Գերմանիա իր առաջին փենալթին նշանակեց, մինչ Ֆրանսա չկրցաւ նշանակել իր առաջին փենալթին, ուր Գերմանիոյ բերդապահ Անն-Քաթրին Պերկեր զսպեց:

Գերմանիա իր 4-րդ փենալթին կորսնցուց, երբ զսպուեցաւ Ֆրանսայի բերդի հորիզոնական ձողին կողմէ:

7-րդ փենալթին կոլի վերածեց Նուսքեն, մինչ Ալիս Սոմպաթի փենալթին զսպեց Պերկեր, եւ Գերմանիա հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի աշխարհի ախոյեան Սպանիոյ դէմ:

Սպանիա 2-0 արդիւնքով դուրս ձգած էր հիւրընկալ Զուիցերիան` շնորհիւ Աթենեյա Տել Քասթիյոյի եւ Քլաուտիա Փինայի կոլերուն:

Միւս կիսաւարտականի, որ վաղը տեղի պիտի ունենայ, իրար դէմ պիտի հանէ Եւրոպայի վերջին ախոյեան Անգլիան եւ Իտալիան:

Չորեքշաբթի գիշեր աշխարհի ախոյեան Սպանիա պիտի մրցի Եւրոպայի առաւելագոյն ախոյեանութիւններ շահած Գերմանիոյ դէմ (8 անգամ):

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Հեծելարշաւի Շրջավազք. Արենսման Շահեցաւ 14-րդ Հանգրուանը. Փոկաչար Աւելի Եւս Հեռացաւ…

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Թեւանեան Եւ Անդրէասեան Մետալներ Շահեցան

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?