Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութպոլի Փոխանցումներու Աշխարհէն

July 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ երեւոյթին, Մարքուս Ռաշֆորտ վերջապէս իր երազը պիտի իրականացնէ եւ միանայ Պարսելոնային:

Ճիշդ է, որ Պարսելոնա մարզիկներու յաւելեալ թիւի հարց ունի, եւ նոր մարզիկ աւելցնելու պարագային անոր դիմումները կրնայ ուշանալ, բան մը, որ պատճառ դարձած էր Նիքօ Ուիլիամսի հետ անհամաձայնութեան: Բայց ըստ երեւոյթին այս հարցին լուծում գտնուած է, եւ Ռաշֆորտ պիտի միանայ Պարսելոնային:

Այլ մարզիկ մը, որ կ՛ուզէր միանալ Պարսելոնային` քոլոմպիացի Լուիս Տիասն է, որ Լիվըրփուլը կ՛ուզէր լքել: Պարսելոնայի մերժումէն ետք, Պայերն Միւնիխ, որ ամիսէ մը ի վեր կը յուսար իր խումբին միացնել Տիասը, լուրջ տեսակցութիւններ կ՛ունենայ Լիվըրփուլի հետ` ամբողջացնելով բոլոր պայմանները:

Վերջերս ակումբներու մոնտիալին փայլելէ ետք Կոնսալօ Պորկես լքեց Փորթոն եւ միացաւ Ֆեյենուրտին 10 միլիոն եուրոյի փոխարէն:

Վերադառնալով Լիվըրփուլ, Իսաքի հետ չհամաձայնելէ ետք, «կարմիրներ»-ը ըստ երեւոյթին ձեռք ձգեցին Ուկօ Էքիթիքէն, որ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթէն պիտի միանայ 95 միլիոն եւրոյի փոխարէն:

Մանչեսթըր Սիթիի բերդապահ Էտերսոն ըստ երեւոյթին պիտի լքէ Անգլիան` միանալու Թուրքիոյ Կալաթասարային:

Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ պիտի լքէ Սէուտական Արաբիոյ Քատիսիյյա ակումբը` վերադառնալով Մարսէյ:

Արսենալ ձեռք ձգեց Չելսիի ծայրի յառաջապահ Նոնի Մատուեքէն` 52 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն:

Մանչեսթըր Եունայթըտ վերջապէս կրցաւ ձեռք ձգել Պրենթֆորտի ծայրի յառաջապահ Պրայըն Էմպէօմոն` 65 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն:

Միւս կողմէ, Եունայթըտի յառաջապահ Ռասմուս Հոյլունտով հետաքրքրուած կը թուի ըլլալ Ա. Սէ. Միլան: Նախապէս Ինթեր Միլան հետաքրքրութիւն ունէր դանիացի յառաջապահին ծառայութիւններով:

Մանչեսթըր Սիթի ձեռք ձգեց նոր «Մարթին Օտըկաարտ»-ը: 15 տարեկանին Նորվեկիոյ առաջին դասակարգին մէջ ելոյթ ունենալէ ետք, Սվերրէ Նիփան Ռոզենպորկի հետ շատ լաւ ելոյթներ ունեցաւ եւ 18 տարեկանին միացաւ Սիթիին: Ան մինչեւ 2030 մաս պիտի կազմէ Փեփ Կուարտիոլայի խումբին:

Աթլեթիքօ Մատրիտ ձեռք ձգեց Պոթաֆոկոյի արժանթինցի Թիակօ Ալմատան: Ալմատա, որ անցեալ տարին փոխ տրուած էր Լիոնի, 5 տարուան համար պիտի միանայ սպանական ակումբին:

 

Նախորդը

Օլիվիա Սմիթ Միացաւ Արսենալին Պատմական Մրցանիշով

Յաջորդը

«ԻՖԱՊ»-ի Համաձայն. ՎԱՐ-ը Նոր Լիազօրութիւններ Պիտի Ունենայ

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.