Նետերլանտներու հեծելանւորդ Թիմեն Արենսման շահեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 14-րդ հանգրուանը, որ 182,6 քմ լեռնային հանգրուան մըն էր Փոյի եւ Սիւփերպայնիեր շրջանին միջեւ, մինչ սլովենիացի Թատէյ Փոկաչար ոչ միայն պահեց դեղին շապիկը, այլեւ աւելի եւս հեռացաւ դանիացի Վինկըկաարտէն` 6 երկվայրկեան աւելցնելով Փիրենեան լեռներուն մէջ:
Վինկըկարտ քանի մը անգամ յարձակեցաւ տարբերութիւնը նուազեցնելու նպատակով, բայց Փոկաչար բնաւ ետ չմնաց եւ դիւրութեամբ յաղթեց իր մրցակիցին` հանգրուանին վերջին մեթերուն իր գերակայութիւնը պահելով:
Հակառակ այս բոլորին, օրուան հերոսն էր Արենսման, որ նախավերջին բլուրէն առաջ առանձին սուրաց` ետին ձգելով խմբակը վերջին 20 քմ-ը առանց ետին նայելու եւ մնաց կայուն մինչեւ Սիւփերպայնիեր:
Օր մը առաջ, 13-րդ հանգրուանին, որ ժամացոյցի դէմ մրցում էր դէպի Փէյրակիւտ լեռնային շրջանը, 10,9 քմ երկարութեան ճամբան յաղթահարելով հանգիստ ձեւով յաղթեց ախոյեան Փոկաչար, որ 36 երկվայրկեանով հեռացաւ Վինկըկաարտէն:
Ստորեւ ընդհանուր դասաւորումը` 14 հանգրուաններէ ետք.
1.- Թատէյ Փոկաչար 50 ժամ 40′ 28″
2.- Եոնաս Վինկըկաարտ 4′ 13″ ուշ
3.- Ֆլորիան Լիփովից 7′ 53″ ուշ
4.- Օլիվըր Օնլի 9′ 18″ ուշ
5.- Քեւըն Վոքըլեն 10′ 21″ ուշ
6.- Փրիմոշ Ռոկլիչ 10′ 34″ ուշ
7.- Ֆելիքս Կալ 12′ 00″ ուշ
8.- Թոպիաս Եոհանեսըն 12′ 33″ ուշ
9.- Պեն Հիլի 18′ 41″ ուշ
10.- Քարլոս Ռոտրիկես 22′ 57″ ուշ