ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալէն ետք հրապարակուեցան մասնակից խումբերուն եկամուտները:
Լոնտոնի Չելսին, որ դարձաւ ախոյեան, վաստկեցաւ ամէնէն շատ գումարը` 114,6 միլիոն եւրօ: Աւարտականի իր մրցակիցը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, 106,9 միլիոն եւրօ շահեցաւ:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռէալ Մատրիտ, որ 82,5 միլիոն եւրօ շահեցաւ: Պրազիլի Ֆլումինենսէն 60,8 միլիոն եւրօ ձեռք ձգեց, մինչ Պայերն Միւնիխ` 58,2 միլիոն եւրօ:
Առաջին տասնեակին մաս կը կազմեն Տորթմունտ (52,3 միլիոն եւրօ), Մանչեսթըր Սիթին (51,7 միլիոն եւրօ), Փալմէյրասը (49,8 միլիոն եւրօ), Ինթեր Միլանը (36,8 միլիոն եւրօ), եւ Հիլալը (34,2 միլիոն եւրօ):
Նշենք, որ աւարտականին Չելսի 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը: