Մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան շահեցաւ Լաս Վեկասի ազատ ոճի կրանտ սլեմ ճատրակի մրցաշարքը` աւարտականին 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հանս Նիմանին:
Արոնեան 200 հազար ամ. տոլար շահեցաւ տիտղոսին տիրանալէ ետք, տիտղոս մը, որուն ընթացքին ան պարտութեան մատնած էր թիւ 1 Մակնուս Քարլսընը, թիւ 2 Հիքարու Նաքամուրան եւ թիւ 6 Արժուն Էրիկայսին:
Հայազգի Արոնեան, 2021-էն Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ կը ներկայանայ, սեւ քարերով սկսաւ, եւ ինչպէս իր նախկին մրցումները` ետ կը մնար իր մրցակիցէն, բայց շուտով ինքզինք գտաւ եւ հաւասարութիւն խլեց: Երկրորդ ճակատումին Արոնեան սպիտակ քարերով կրցաւ պարտադրել իր խաղաոճը եւ յաղթել:
Յաղթանակը տօնելու ժամանակը կարճ էր, որովհետեւ ան պիտի մեկնի Ճետտա (Սէուտական Արաբիա)` մասնակցելու «2025-ի Էսփորթց աշխարհի բաժակ»-ի մրցաշարքին, որուն մրցանակներու նուէրին գինը շատ աւելի բարձր է եւ պիտի հասնի 1,5 միլիոն ամ. տոլարի: