Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը մնաց առաջին կարգի խումբերու կողքին, երբ իր վերջին մրցումին կրցաւ պարտութեան մատնել Ինտոնեզիան` 67-57 արդիւնքով:
Խմբապետ Ռեպեքքա Աքըլ 26 կէտ նշանակեց, մինչ Ամար Մանսուր (13 կէտ եւ 8 ռիպաունտ), Զէյնա Էլիաս (7 կէտ), Տանիելա Ֆայյատ (7 կէտ), Ճելիըն Արչըր (6 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Մարիա Ղալեպ, Նուր Լապպան եւ Մէյկըն Նաասան լաւ ելոյթներ ունեցան:
Այս ձեւով Լիբանան գրաւեց 7-րդ դիրքը: Նոր Զելանտա գրաւեց 5-րդ դիրքը` 78-71 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆիլիփեան կղզիներուն:
3-րդ դիրքը գրաւեց Չինաստան, որ 101-66 արդիւնքով յաղթեց Հարաւային Քորէային:
Աւարտականին Աւստրալիա պիտի մրցի Ճափոնի դէմ: Աւստրալիա 86-73 արդիւնքով յաղթած էր Հարաւային Քորէային, մինչ Ճափոն 90-81 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Չինաստանը: