Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի դասաւորման մրցաշարքին, Ալիկ Խլոյեան (97 քկ) շահեցաւ արծաթ մետալ:
Մինչեւ 33 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանը այս մրցաշարքին արձանագրեց 4 յաղթանակ, որոնց 2-ը` ժամանակէն առաջ իսկ: Աւարտականին Խլոյեան 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Վրաստանի ներկայացուցիչ Կիորկի Մելիայէն:
Նշենք, որ ասիկա Խլոյեանի առաջին միջազգային մրցաշարքն էր (ոչ տարիքային), որուն կը մասնակցէր «Եու. տապըլիու. տապըլիու.»-ի (Աշխարհի միացեալ ըմբշամարտի) մրցումներու գծով: