ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն գծով կիրակի, 27 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի մրցաշարք` հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Ֆութպոլի, պասքեթպոլի, հեծելարշաւի, քրոս քաունթրիի եւ փինկ-փոնկի մրցաշարքերէն ետք, այս կիրակի յետմիջօրէին ժամը 2:00-էն սկսեալ, նախկին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի մրցաշարքը, որ պիտի ըլլայ 8 տարբեր տարիքներու դասակարգերով:
20, 18, 16, 14, 12, 10, 8 եւ 6 տարեկանէն վար տարիքային երկսեռ շարքերով պիտի կատարուին մրցումները:
Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով դէպի 100-ամեակ: