
«Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Քլիվլենտ Քաւալիրզին մաս կազմող Լեպրըն Ճէյմս յայտարարեց, որ իր ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը կնքած է:
Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի փոխանցած տեղեկութեան, 31 տարեկան ամերիկացին 3 տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց` փոխան 100 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի 2005-2006 տարեշրջանի մրցաշարքին աւարտին Քլիվլենտ հանդիսացաւ ախոյեան, մինչ Ճէյմս Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ տեղի ունեցած աւարտական ճակատումին ճանչցուեցաւ իբրեւ ամէնէն արժէքաւոր մարզիկը:


