Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիական խաղերուն, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ իր երրորդ արծաթ մետալին:

Ծանրաբարձութեան գերծանր դասակարգին (105 քկ եւ վեր) մէջ Գոռ Մինասեան երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 451 քկ արդիւնք մը, հանդիսացաւ արծաթէ մետալակիր:
Ան նախ եւ առաջ երեք անգամ բարձրացուց ծանրաձողը, այդ երեք անգամներէն ամէնէն ծանրը 210 քկ էր:
Իսկ յաջորդ հանգրուանին ան յաջողեցաւ բարձրացնել 241 քկ:

Հայրենի այլ ծանրաբարձ մը` Ռուբէն Ալեքսանեան, գրաւեց 4-րդ դիրքը` բարձրացնելով 440 քկ (195 եւ 245):
Յատկանշական եղաւ այն, որ վերջին հանգրուանին Ալեքսանեան փորձեց բարձրացնել 254 քկ:
Սակայն անոր կատարած երկու փորձերն ալ ձախողեցան եւ ան չյաջողեցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին:


