ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Գանձասար – Կապան այսուհետեւ իր փորձերը պիտի կատարէ Միքա մարզահամալիրին մէջ:
Նշենք, որ մինչ այդ Գանձասար – Կապան իր փորձերը կը կատարէր Աշտարակի «Քասախի մարզիկ» մարզադաշտին մէջ:
Նշենք, որ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Գանձասար – Կապանի մրցակիցն է Փիւնիկ Երեւան: