
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Արսլանեան պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ հոլանտական Թելսթարա ակումբ, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Թելսթարա արդէն իսկ սկսաւ նոր տարեշրջանին եւ Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին պարտութիւն կրեց:
Նշենք, որ 25 տարեկան Արսլանեան նախորդ տարեշրջանին աւարտէն անմիջապէս ետք լքեց Ալմեր Սիթին եւ ամբողջ ամրան ընթացքին կը փորձէր ապաքինիլ իր ստացած վնասուածքէն:


