
Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ողիմպիականի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին մնացած է միայն մէկ մրցում` նկատի ունենալով, որ անոր յաղթականը պիտի ըլլայ տիտղոսակիր:
Տղոց ֆութպոլի մրցաշարքին կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պրազիլ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Հոնտիւրասը:
Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ ամէնէն արագ կոլին հեղինակը հանդիսացաւ Նէյմար, որ 14-րդ երկվայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը:
Նէյմար տուպլէ մը իրագործեց, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց իր կազմին վերջին կոլը:
Աւարտականին Պրազիլ իր դէմ պիտի ունենայ Գերմանիան, որ երէկ գիշեր 2-0 արդիւնքով յաղթեց Նիկերիոյ: Լուքաս Քլոսթերման (9-րդ) եւ Նիլս Փեթերսըն (89-րդ) նշանակեցին Գերմանիոյ կոլերը:

Տղոց հեծելարշաւի մրցումներուն (սփրինթ) Անգլիոյ ներկայացուցիչ Ճէյսըն Քենի հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Այսպիսով, ան հանդիսացաւ ողիմպիական խաղերու 6-ակի ախոյեան: Նշենք, որ ան Ռիոյի ողիմպիականին տիրացաւ 3 ոսկի մետալի:
Անոր ազգակից Քալում Սքիներ տիրացաւ արծաթ մետալին, իսկ ռուս Տենիս Տմիթրեւ` պրոնզ մետալին:
 
			

